2014-07-04 09:49:05

Բողոք` Սասնոյ մէջ Հայկական Եկեղեցիները ախոռի վերածելու քայլերուն դէմ


«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Սասնոյ հայերու միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը Պաթման նահանգի Սասուն շրջանի Արվիզինք եւ Շէնգալիք գիւղերուն մէջ հայկական եկեղեցիները ախոռի վերածելու հարցով բողոք ներկայացուցած է Պաթմանի հանրապետական դատախազութեան: Ան ցաւ յայտնած է, որ հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանոցները հետզհետէ անճանաչելի կը դառնան, եւ կոչ ուղղած է եկեղեցիները անյապաղ պահպանութեան տակ առնելու:
Ըստ թրքական «Պաթմանչաղտաշ» կայքին, Տաղճը ըսած է, որ «Տարին մէկ անգամ գոնէ իրաւունք ունինք եկեղեցիներուն մէջ աղօթելու մեր հանգուցեալներուն համար: Բայց ախոռի վերածուած եկեղեցիներուն մէջ չենք կրնար աղօթել»:
Սասնոյ հայերու միութեան ղեկավարը նշած է նաեւ, որ Պաթմանը կտրուած է զբօսաշրջիկներու հոսքէն, հակառակ անոր որ ունի զբօսաշրջութեան զարգացման մեծ ներուժ: Լաւ ճամբաներու եւ ենթակառուցուածքներու բացակայութեան պատճառով, օտար զբօսաշրջիկները առիթ չեն ունենար ճանչնալու Պաթմանը եւ կը նախընտրեն Վանն ու Մարտինը:








All the contents on this site are copyrighted ©.